Սուրբ Պատարագը Մեծ Պահքի Շրջանին

By admin Դկտ 31, 2024

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան նախորդող ամէնէն երկարատեւ պահեցողութեան՝ Մեծ Պահքի շրջանին, եկեղեցւոյ մէջ որոշ փոփոխութիւններ կ՚իրականան: Կը փակուի Ս. Խորանի վարագոյրը: Եկեղեցին դրախտի օրինակն է, եւ Ս. Խորանի վարագոյրով փակուիլը խորհրդանշան կը հանդիսանայ Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսումը: Երբ Աստուած դուրս հանեց զանոնք բերկրութեան դրախտէն, հրամայեց քերովբէներուն եւ բոցեղէն սուրին հսկել Կեանքի ծառի ճանապարհը: Մեղքի պատճառով երկինքի դուռը փակուեցաւ մարդոց առջեւ: Նախապէս, Մեծ Պահքի շրջանին եկեղեցւոյ դուռը կը փակուէր, եւ հաւատացեալները դռան առջեւ կը աղօթէին:

Մեծ Պահքի ընթացքին, փակ վարագոյրով մատուցուող Սուրբ Պատարագները կ՚առանձնանան միւս օրերու Պատարագներէն: Հրեշտակներու փառաբանութիւնը խորհրդանշող քշոցներու զուարթ ձայները կը դադրին:

Նշենք, որ Մեծ Պահքի առաջին Կիրակիի Բուն Բարեկենդանի նախօրեակին՝ Կ. Պոլսոյ Ս. Ժողովին մասնակցած 150 հայրապետներու տօնին, «Համբարձի» սաղմոսին երգեցողութենէն ետք կը փակուի Ս. Խորանի վարագոյրը: Պահեցողութեան շրջանին, մինչ Սուրբ Պատարագը, Ճաշու Երեք Ժամերգութիւնները կը կատարուին: Այս ընթացքին պատարագիչ քահանան բարձրանալով Ս. Խորան, զգեստաւորուելով, կ՚օրհնէ նշխարն ու գինին «Առաջադրութեան» համար: Ս. Պատարագի ընթացքին «Խորհուրդ խորին…» եւ «Բարեխօսութեան…» շարականները չեն երգուիր, եւ «Աշխարհագալոց» ալ տեղի չի ունենար: Ժամօրհնողը Ատեանէն կ՚արտասանէ «Տէրունական Աղօթք»-ը եւ սաղմոսերգութիւնը: Ապա սարկաւագը վարագոյրի ետեւէն կը հնչեցնէ՝ «Օրհնեա՛, Տէր»: Կը շարունակուի Ժամամուտը, ապա կը երգուի Ճաշու շարականը եւ «Աղաղակեցէ՛ք…» սաղմոսը, կը կատարուի Աւետարանի ընթերցումն ու Սրբասացութիւնը: Երբ սարկաւագը կը հռչակէ «Ողջոյն տուէ՛ք միմեանց ի համբոյր սրբութեան», ժողովուրդը չի փոխանցեր ողջոյնը:

Մեծ Պահքի ընթացքին, երբ եկեղեցւոյ վարագոյրը փակ է, Սուրբ Հաղորդութիւն չի տրուիր, եւ աւարտին մաս չի բաժնուիր: Սուրբ Հաղորդութիւն եւ մաս կը տրուին միայն բաց Պատարագներու ընթացքին, ինչպէս՝ Տէրունի, սրբոց, մեռելոց եւ այլ տօներուն: Զատիկէն առաջ, ի նշան այն բանի, որ Ադամը զրկուեցաւ Կեանքի ծառի ճաշակումէն, Աւետարանը չի համբուրուիր, եւ «Հաւատամքի» ու «Կեցցոյի» ընթացքին ժողովուրդին առջեւ չի բարձրացուիր:

Մեծ Պահքի ընթացքին Տէառնընդառաջի, Ս. Մարիամ Աստուածածնի Աւետման, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապի եւ Ծաղկազարդի տօներուն բաց Պատարագ կը մատուցուի: Ավագ Հինգշաբթի օրը վարագոյրը կը բացուի «Հաւատամք»-էն ետք, իսկ Ավագ Շաբաթ՝ Դանիէլ մարգարէի ընթերցումէն ետք, եւ այդուհետ կը մատուցուին բաց Պատարագներ:

Պահքի շրջանը, մասնակցելով թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ընդհանրական աղօթքներուն, առիթ կ՚ընձեռէ քննելու մեր եւ Աստուծոյ միջեւ եղած յարաբերութիւնը: Այս կարճ ժամանակահատուածին, մեղքի պատճառով երկինքի դուռը խորհրդանշող վարագոյրի փակուիլը կոչ կ՚ուղղէ բոլորին ապաշխարութեան՝ գուցէ նաեւ տխրութիւն պատճառելով: Բայց այս տխրութիւնը կը պատրաստէ մեզ տօնելու մահուան վրայ յաղթանակի՝ Սուրբ Յարութեան տօնը, երկինքի դուռը՝ վարագոյրը բացուելով եւ Սուրբ Հաղորդութիւն ճաշակելով: Ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին կը նշէ, միայն թէ մեր ձեռքով, այսինքն՝ անզեղջ կեանքով, չփակենք Երկինքը եւ վերելքի դուռը մեր առջեւ՝ որս դառնալով մահուան ծուղակին՝ թողած արահետը վստահելի:

By admin

Related Post

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով