Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինությամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:
Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նավասարդեան, ազատուելով Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն, նշանակուած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանդիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ:
Հոգեշնորհ Տ. Շնորհք աբեղայ Սարգսեան, ազատուելով Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան մէջ ստանձնած պարտականութիւններէն, ծառայութեան կոչուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի՝ եկեղեցականաց եւ երիտասարդաց վերապատրաստման ծրագիրներու փոխտնօրէն:
